Հարցումի Տուփ
◼ Պատշա՞ճ է Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ նկատի առնուելիք նիւթերը մէկտեղել եւ ուրիշներուն բաշխել։
Ասիկա ընելը արտօնելի է՝ յօգուտ ընտանիքի անդամներուն եւ քանի մը սերտ բարեկամներու։ Սակայն զայն բոլորին մատչելի պէտք չէ դարձնել, ո՛չ ալ ծախել, հեղինակական իրաւունքի օրէնքները բեկանելով։—Հռովմ. 13։1
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կարգ մը նշանակումներուն համար միայն բնաբան հայթայթուած է. աղբիւր չէ նշուած։ Օգտակար պիտի ըլլա՞յ որ անհատ մը աղբիւրներու ցանկ պատրաստէ կամ անոնց բովանդակած տեղեկութիւնները մէկտեղէ, այս նշանակումները ստացողներուն գործածութեան համար։ Ո՛չ։ Նաեւ պատշաճ պիտի չըլլայ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղին հարցումներուն պատասխանները պատրաստել՝ ուրիշներու գործածութեան համար, քանի որ ասիկա կարեւոր կէտերը անոնց մտքին մէջ դրոշմելու պիտի չնպաստէ։ Աշակերտները անձամբ պրպտում պէտք է կատարեն։ Ասիկա դպրոցին միջոցաւ Եհովայի հայթայթած մարզումին կարեւոր մէկ երեսակն է, որպէսզի մեզի օգնէ «ուսեալներու լեզու»ով խօսելու։—Եսայ. 50։4, ԱՎ