Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց, Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ կամ Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։ Յունուարին. Գիտութիւն գիրքը կամ 1991–էն առաջ լոյս տեսած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին հրատարակութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի մօտեցիր։ Եթէ այս գիրքը մատչելի չէ, կրնաք Աստուած պաշտեցէք գիրքը գործածել։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մասնայատուկ ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։
◼ 2007–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը շուտով պիտի ուղարկուին, իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, անմիջապէս պէտք է ապսպրել զանոնք, գործածելով Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճեն (S-14)։ Ամէն ամիս ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» նամակին մէջ պիտի նշուի թէ ի՛նչ լեզուներով մատչելի են Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիք կայ ձեր թաղամասին մէջ։
◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2008 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Մարտ 22–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս նշումը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիք ունին։ Այս պարագաներուն, երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակեալ երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Իսկ եթէ օծեալ ատակ երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել, զինք պէտք է ընտրել։