Սէր՝ պտղաբեր ծառայութեան բանալին
1 «Եկէ՛ք ինծի, . . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ (Մատթ. 11։28) Այսպիսի գրաւիչ խօսքեր մարդոց հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը արտացոլացուցին։ Քրիստոնեայ քարոզիչներ ըլլալով, կը փափաքինք Յիսուսը ընդօրինակել՝ սէր ցուցաբերելով մարդոց հանդէպ, զորս անսէր աշխարհը սպառած է։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել մինչ բարի լուրը կը քարոզենք։
2 Խօսքով. Մարդիկ սիրելը Յիսուսը մղեց ամէն պատեհութիւն օգտագործելու որ բարի լուրը անոնց քարոզէ։ (Յովհ. 4։7-14) Սէրը մեզի պիտի օգնէ որ անպաշտօն կերպով վկայելու չվարանինք։ Վեց տարեկան աղջնակ մը, հիւանդանոցի սպասման սենեակին մէջ իր քով նստող կնոջ ընտիր վկայութիւն մը տուաւ։ Ի՞նչ բան զինք մղեց որ ասիկա ընէ։ Ան բացատրեց. «Զգացի թէ կինը կարիք ունէր Եհովան ճանչնալու»։
3 Մարդոցմով մեր հետաքրքրուիլը կրնանք հաղորդել՝ անկեղծ ու ջերմ ժպիտով եւ բարեկամական ձայնի թոնով։ Ուրիշներուն ըսելիքները ուշադրութեամբ մտիկ ընելը, անոնց մտահոգութիւններուն գիտակցիլը եւ հարազատ հետաքրքրութիւն յայտնելը նոյնպէս սէր ցոյց կու տան։ (Առ. 15։23) Յիսուսի նման, պէտք է շեշտենք Թագաւորութեան դրական պատգամը եւ մարդոց հանդէպ Եհովայի գորովալից կարեկցութիւնը։—Մատթ. 24։14. Ղուկ. 4։18
4 Գործով. Յիսուս ուրիշներու կարիքներուն փութով կ’ընդառաջէր եւ գործնական կերպով կ’օգնէր։ (Մատթ. 15։32) Թերեւս մենք ալ ծառայութեան ընթացքին բարիք ընելու պատեհութիւններ ունենանք։ Քոյր մը նշմարեց կին մը որ դժուարաւ կը հասկնար ի՛նչ որ իրեն կ’ըսուէր հեռաձայնով, ուստի անոր առաջարկեց խօսողին խօսքերը թարգմանել։ Այս սիրալիր արարքը ճամբան հարթեց աստուածաշնչական քննարկումի մը, որ կնոջ օգնեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունելու։ Իսկ եղբայր մը երբ վերայցելութիւն կ’ընէր, տանտէրը զայրացած գտաւ, քանի որ նեղ կացութեան մատնուած էր մինչ մեծ բազմոց մը կը փոխադրէր։ Ձեռք տալէ ետք, եղբայրը նստելով նոյն բազմոցին վրայ, երախտագէտ մարդուն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։
5 Մինչ ծառայութեան կը մասնակցինք, Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ մեր սէրը խօսքով ու գործով կը ցուցաբերենք։ (Մատթ. 22։36-40) Ասիկա պարկեշտամիտ անհատներուն կ’օգնէ գիտակցելու թէ ճշմարտութիւնը ունինք։