Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/07 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 1/07 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յունուարին. Գիտութիւն գիրքը կամ 1991–էն առաջ լոյս տեսած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին հրատարակութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի մօտեցիր։ Եթէ այս գիրքը մատչելի չէ, կրնաք Աստուած պաշտեցէք գիրքը գործածել։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մասնայատուկ ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 4–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն ներկայացուցած նոր հանրային դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնելու ո՞վ որակեալ է»։

◼ Պատանիները կը հարցնեն՝ կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ խորագրով տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ՝ Ապրիլի ընթացքին։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցով կրնաք զայն ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։

◼ Մեր Չինարէն հրատարակութիւնները երկու տեսակ գիրերով կը տպագրուին։ Հոնկ Քոնկի եւ Թայուանի ժողովուրդները ընդհանրապէս կը կարդան սովորական գիրերը, զորս կ’անուանենք «Չինարէն» (CH)։ Մնացեալ Չինացիները յաճախ կը կարդան պարզ գիրեր, որոնց կ’ակնարկուի որպէս «Պարզուած Չինարէն» (CHS)։ Որովհետեւ անհատի մը կարդացած գիրը կապ չունի իր խօսած բարբառին հետ,– Քէնթըներէն, Մանտարին կամ այլ բարբառ,– կարեւոր է գիտնալ թէ ան ո՛ր գիրերը կը նախընտրէ։ Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը, էջ 19-20, կրնայ գործածուիլ բաղդատութեան համար։ Այսպիսով, նախընտրուած գիրերով եղող հրատարակութիւնը կ’ապսպրուի։

◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Երկուշաբթի Ապրիլ 2–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Իւրաքանչիւր ժողովք պէտք է ջանայ Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարել։ Սակայն ասիկա միշտ կարելի չէ։ Եթէ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի բոլորն ալ Յիշատակատօնէն ետք լիովին օգտուին ընկերակցութենէն։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։

◼ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է վստահ ըլլայ թէ ժողովքի իւրաքանչիւր կանոնաւոր ռահվիրայի համար ստացած է՝ ռահվիրայ նշանակելու նամակ (S-202)։ Եթէ նամակ մը չգտնուի, հաճեցէք գրել մասնաճիւղին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել