Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Փետրուար 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 Յունուարէն մինչեւ 26 Փետրուար 2007 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տեսնել Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Մեր նիւթին գործնական կիրարկումը ե՞րբ պէտք է ըլլայ եւ ի՞նչ կերպով։ [կօ էջ 158 պարբ. 2-4]
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է ուրիշներուն օգնել որ մեր ներկայացուցած տեղեկութեանց գործնական արժէքը տեսնեն, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ [կօ էջ 159 պարբ. 3-4]
3. Մեր բառերու ընտրութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 160]
4. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ զանազան բառեր ճշգրտօրէն գործածելու։ [կօ էջ 161 պարբ. 5-6. էջ 162 պարբ. 1, 4]
5. Մտային կամ գրաւոր ուրուագծէ մը խօսելուն կարգ մը առաւելութիւնները ի՞նչ են։ [կօ էջ 166 պարբ. 1-3]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ընթերցանութեան նշանակում մը պատրաստելը ի՞նչ կը պարփակէ։ [կօ էջ 43 պարբ. 2, 4]
7. Ի՞նչ բան կենսական է եթէ կ’ուզենք մեր մէջ մշակել շիտակի հանդէպ Եհովայի սէրը եւ սխալի հանդէպ իր ատելութիւնը։ (Եբր. 5։14) [դ05 1/1 էջ 23 պարբ. 11]
8. Ի՞նչ պէտք է մտաբերենք, եթէ Աստուածաշունչին մէջ կարդանք բան մը որ պատճառ կ’ըլլայ որ հարց տանք թէ Աստուած արդար կերպով վարուեցա՛ւ թէ ոչ։ [դ05 2/1 էջ 28 պարբ. 7]
9. Երբ Աստուծոյ օրէնքին ու մարդկային պահանջներուն միջեւ ընդհարում կայ, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ [դ05 5/1 էջ 8 պարբ. 9]
10. Եսայի ի՞նչպէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեսիական Թագաւորութեան ու նախակարապետին՝ Յովհաննէս Մկրտիչին վրայ։ [si էջ 123 պարբ. 35]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Եսայեայ 25։7–ի մէջ նշուած «ծածկոցը» եւ «վարագոյրը» ի՞նչ են։
12. Մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ‘տեսնել’ ու ‘լսել’։ (Եսայ. 30։20, 21)
13. Շիտակ կամ սխալ. Եսայեայ 38։3–ի մէջ արձանագրուած Եզեկիայի աղօթքին ետին գտնուող շարժառիթը՝ երկար ապրելու փափաքն էր։
14. Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային որպէս Եհովայի վկաներ ծառայել, եւ ի՞նչպէս կրնանք զիրենք ընդօրինակել։ (Եսայ. 43։10)
15. Եսայեայ 52։11, 12–ի մէջ նշուած մարգարէական օրինակին համաձայն, ‘Եհովայի սպասները կրելու’ համար ի՞նչ պահանջուած է։