Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մասնայատուկ ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը։
◼ Ժողովքները անմիջապէս պէտք է մատչելի դարձնեն Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերը, երբ զանոնք ստանան։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ հրատարակիչները անոնց բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելէ առաջ։
◼ Վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ՝ Դեկտեմբեր, Յունուար ու Փետրուար ամիսներուն համար։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։—Տես՝ Ժողովքի հաշուապահութեան մասին ցուցմունքներ (S-27)։
◼ Կալուած ունեցող իւրաքանչիւր ժողովքի քարտուղարը պէտք է վերաքաղ ընէ Տեղեկութիւններ՝ Թագաւորութեան Սրահներու սեփականութեան վերաբերեալ (TO-36) պատճենին 42-44–րդ պարբերութիւնները։ Նոյնիսկ անշարժ կալուած մը տուրքէ զերծ դարձնելէ ետք, կարգ մը նահանգներու մէջ կը պահանջուի ամէն տարի խնդրագիր ներկայացնել։ Բծախնդրաբար ստուգեցէք տուրքը որոշող տեղական գրասենեակէն, թէ որեւէ օրինական քայլ պահանջուա՛ծ է կամ ոչ։ Բոլոր տուրքերը սահմանուած ժամանակին պէտք է վճարուին։ Եթէ տուրքի մը նկատմամբ կասկածներ ունիք, հարցը շուտով հետապնդեցէք, որպէսզի կա՛մ զայն վերցնէք եւ կամ որոշուած պայմանաժամէն առաջ ձեր առարկութիւնը ներկայացնէք։