Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Ապրիլ 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Մարտէն մինչեւ 30 Ապրիլ 2007 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տեսնել Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք մեր դասախօսութեան ուրուագիծը պարզ պահել։ [կօ էջ 168 պարբ. 4]
2. Չորս կերպեր նշէ, որոնցմով կրնանք նիւթը տրամաբանականօրէն զարգացնել։ [կօ էջ 170 պարբ. 3–էջ 172 պարբ. 4]
3. Ի՞նչ ազդակներ ի մտի պէտք է ունենանք, երբ կ’որոշենք թէ դասախօսութեան մէջ ի՛նչ կէտեր պարփակենք։ [կօ էջ 173 պարբ. 1-2]
4. Յանպատրաստից խօսելակերպին կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։ [կօ էջ 175 պարբ. 2-4]
5. Խօսակցական կերպով խօսիլը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ այս յատկութիւնը ի՞նչպէս կրնանք մշակել։ [կօ էջ 179 պարբ. 4, շրջանակ. էջ 180, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Եղբայր մը ի՞նչպէս պէտք է պատրաստէ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան աչքառու կէտերը։ [կօ էջ 47 պարբ. 3-4]
7. Քրիստոսի փրկանքին միջոցաւ մեր ստացած օգուտներէն շա՜տ աւելի կարեւոր բանը ի՞նչ է։ [w05 11/1 էջ 14 պարբ. 1]
8. Հանրային դասախօսութեան ուրուագծին մէջ նշուած համարները ի՞նչպէս պէտք է գործածուին։ [կօ էջ 53 պարբ. 1-2]
9. Որպէս ուսուցիչ՝ ի՞նչ էր Յիսուսի նպատակը, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ [կօ էջ 57 պարբ. 1]
10. Ուսուցանելու ատեն հակադրութիւններ գործածելը ինչո՞ւ ազդու է։ [կօ էջ 57 պարբ. 3-4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել Երեմիա 6։16–ի խրատը. «Հին շաւիղներուն համար հարցուցէք, թէ ո՞րն է բարի ճամբան ու անոր մէջէն քալեցէք»։
12. Եհովա ինչո՞ւ արագիլը ընտրեց՝ անհաւատարիմ Հրեաներուն գործնական դաս մը սորվեցնելու համար, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Երեմ. 8։7)
13. Երեմիա 15։17–ն ժամանցի հանդէպ մեր տեսակէտին ի՞նչպէս կ’ազդէ։
14. Մարդիկ ի՞նչպէս Մեծ Բրուտին՝ Եհովայի ձեռքին մէջ կաւի նման են։ (Երեմ. 18։5-11)
15. Երեմիա 25։17-26–ի մէջ նշուած ազգերուն շարքաւորումը ի՞նչպէս մեր օրերուն համար նշանակալից է։