Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը. Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երբ Թագաւորութեան երաժշտութիւնը նուագուի, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ ու Շաբաթ օրերը յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 5։05–ին, իսկ Կիրակի՝ 4։10–ին։
◼ Կառավայր. Այն համաժողովը, ուր կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, ինքնաշարժ շարելու տեղեր անվճար մատչելի պիտի ըլլան առաջին հասնողներուն, իրենց ինքնութիւնը բնորոշելով համաժողովի լանջանշանով։ Միայն ան որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Որովհետեւ սովորաբար տեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ լեցուն թող ըլլան։
◼ Նստարաններ ապահովել. Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն։
◼ Կէսօրուան ճաշ. Հաճեցէք ձեր ճաշը բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելու՝ այլուր ճաշելու համար։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ ձեր աթոռին տակ դրուիլ։ Մեծ պաղարաններ, ապակեայ պահեստամաններ եւ ոգելից ըմպելիներ, համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն. Նահանգային համաժողով մը կազմակերպելը բաւական ծախսի կը նայի։ Կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Համաժողովի վայրին մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Դիտարան»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն. Շտապ օգնութեան կեդրոնները գանգատած են թէ ոմանք աննշան հարցերու համար բջիջային հեռախօսով կը հեռաձայնեն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական Դարմանումի Բաժանմունքին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անհատներ պարագային լրջութիւնը արժեւորեն ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարեն։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին կը հեռաձայնեն։
◼ Լսողութեան տկարութիւն. Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք պզտիկ FM ռատիօ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Ձայնագրութիւն. Ձայնագրութեան մեքենաները լսարանին ելեկտրական կամ ձայնային սարքերուն պէտք չէ կապուին, եւ կարելի է զանոնք գործածել միայն եթէ ուրիշները չեն խանգարեր։
◼ Անուշահոտութիւն. Շատ մը համաժողովներ տեղի կ’ունենան գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար ազնուութիւն է սահմանափակել զօրաւոր անուշահոտերու գործածութիւնը, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ։—Ա. Կորն. 10։24
◼ Հաճեցէք հետապնդել պատճենները. Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճենը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի ընթացքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Հրատարակիչները իրենց հետ մէկ կամ երկու պատճեն պէտք է բերեն։ Պատճենները նաեւ մատչելի պիտի ըլլան Հրատարակութիւններու Բաժանմունքին մէջ։ Պատճենները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու Բաժանմունքին, կամ՝ ժողովքի քարտուղարին երբ վերադառնաք։—Տեսնել Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6։
◼ Ճաշարաններ. Բազմաթիւ տեղեր սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել, սպասարկութեան որակին համաձայն։
◼ Պանդոկներ. (1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ (2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեակ պահեցէք։ (3) Պայուսակներ փոխադրելու կառքը առէք, միայն երբ զայն պիտի գործածէք, եւ զայն շուտով վերադարձուցէք։ (4) Եփել արգիլուած սենեակներուն մէջ մի՛ եփէք։ (5) Ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք սենեակին հոգ տանողին։ (6) Քրիստոնեաներ ըլլալով, անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը վստահաբար պիտի չշահագործենք. անոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ (7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք։ (8) «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ին մէջ նշուած սենեակներուն սակը, իւրաքանչիւր օրուան լման սակն է, ի բացառեալ՝ տուրքը։ Եթէ ձեզմէ պահանջուի վճարել բանի մը համար որ չխնդրեցիք կամ չգործածեցիք, մերժեցէ՛ք ու անմիջապէս համաժողովի վայրը գտնուող Իջեւանի Բաժանմունքին իմացուցէք։ (9) Եթէ պանդոկի սենեակին առնչութեամբ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի Բաժանմունքը տեղեկացուցէք, մինչ համաժողովին մէջ էք։