Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Յունիս 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 Մայիսէն մինչեւ 25 Յունիս 2007 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տեսնել Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Խօսելու ատեն, ի՞նչ կրնանք ընել որ լարուածութիւնը նուազեցնենք, մեր ձայնի որակը բարելաւելու համար։ [կօ էջ 185 պարբ. 1-3]
2. Մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք «ամենուն հետ ամէն բան» ըլլալ։ (Ա. Կորն. 9։20-23) [կօ էջ 186 պարբ. 2-4]
3. Ուրիշներուն մտիկ ընելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։ (Ծննդ. 18։23-33. Գ. Թագ. 22։19-22) [կօ էջ 187 պարբ. 1-2, 5]
4. Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ուրիշներուն օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ [կօ էջ 187 պարբ. 6–էջ 188 պարբ. 3]
5. Ուրիշները ինչո՞ւ պէտք է յարգենք։ [կօ էջ 190 պարբ. 3, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք մեր ուսուցանած անհատներուն սրտին հասնիլ։ [կօ էջ 59 պարբ. 1]
7. Մեր օրինակը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր ուսուցանած անհատներուն վրայ։ [կօ էջ 61 պարբ. 1]
8. Տունէն ներս ի՞նչպէս կրնանք մեր զրուցելու հմտութիւնը բարելաւել։ [կօ էջ 62 պարբ. 3]
9. Քաջութեան ու նախանձախնդրութեան մէջ Երեմիա մարգարէն ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։ [si էջ 129 պարբ. 36]
10. Ողբք գիրքը ի՞նչ վստահութիւն կը յայտնէ, իսկ ինչո՞ւ օգտակար է՝ ամբարիշտներուն դէմ Աստուծոյ դատաստաններուն խստութիւնը ցոյց տալով։ [si էջ 132 պարբ. 13]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Երեմիա 37։21–ի մէջ նկարագրուած Երեմիայի փորձառութեան ի տես, ի՞նչ երաշխիք կրնանք ունենալ։
12. Բարուք թերեւս ինչո՞ւ ըսաւ թէ Եհովա ‘իր ցաւին վրայ տրտմութիւն աւելցուց’, պատճառ ըլլալով որ ‘իր հեծութենէն յոգնի’, իսկ այս խնդրին առնչութեամբ Բարուքի սկզբնական հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ (Երեմ. 45։1-5)
13. Բաբելոն ե՞րբ անբնակ դարձաւ եւ «բոլորովին ամայի» եղաւ։ (Երեմ. 50։13)
14. Ողբք 3։8, 9, 42-45–ի մէջ աղօթքի նկատմամբ ի՞նչ սկզբունք բացայայտ կը դառնայ։
15. Եզեկիէլի գրքին առաջին գլուխին մէջ նկարագրուած կառքը ի՞նչ կը պատկերացնէ։