Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Եհովայի մօտեցիր կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Յունուարին. Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Այն ժողովքը որ այսպիսի գրքոյկներ չունի, կրնայ ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1991–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։ Փետրուարին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։
◼ Որովհետեւ Դեկտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջ ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Մատչելի են Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք պատրաստուած են զանազան մշակոյթներու եւ կրօնական ենթահողերու պատկանող անհատներուն վկայութիւն տալու համար։ Հրատարակութիւններուն ծառան այս օգտակար հրատարակութիւններուն ցանկը ունի։
◼ Համաշխարհային գործին ի նպաստ, նահանգային համաժողովներուն մէջ եւ մասնաճիւղին ուղարկուած՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Treasurer’s Office, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։
◼ Բոլոր հրատարակիչներուն յորդոր տրուած է որ Մնայուն Փոխանորդագրի (ՄՓ) պատճեն մը ամբողջացնեն, եթէ տակաւին ասիկա չեն ըրած։ Այս ՄՓ պատճենը արեան ներարկումներ մերժելու իրաւունքդ կը պաշտպանէ։ Երէցները անհատապէս օգնութիւն պիտի մատուցանեն, ի պահանջել հարկին։—Տես՝ Նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը։
◼ Հրատարակիչները այլեւս պէտք չունին Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր տնային ուսումնասիրութեան համար Ուսումնասիրութեան Տեղեկագիր (S-3) մը ներկայացնելու։ Սակայն անոնք պէտք է շարունակեն իրենց վարած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն թիւը նշել՝ Դաշտի Ծառայութեան Տեղեկագրութիւն (S-4) պատճենին մէջ։ Այժմ այս կարգադրութիւնը ի զօրու ըլլալով, Ուսումնասիրութեան Տեղեկագիր (S-3) պատճենը բացարձակապէս պիտի գործածուի ժողովքային հանդիպումներուն ներկաներուն թիւը արձանագրելու համար։