Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Նոյեմբերէն մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2007 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ազդու եզրակացութիւն մը ընելու համար, ո՞ր կէտերը ի մտի պէտք է ունենանք։ [կօ էջ 220 պարբ. 4–էջ 221 պարբ. 3]
2. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ մեր ըսածը ճշգրիտ է։ [կօ էջ 223 պարբ. 2-4]
3. Ժողովին ներկայացուած մեր դասախօսութիւններուն մէջ, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ կ’ընդունինք ժողովքին դերը որպէս «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը»։ (Ա. Տիմ. 3։15) [կօ էջ 224 պարբ. 1-4]
4. Մեր տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը ստուգելը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ [կօ էջ 225 պարբ. 1-2]
5. Ուսուցանելու ժամանակ, ի՞նչպէս կրնանք մեր նիւթը հասկնալի դարձնել։ [կօ էջ 226 պարբ. 3–էջ 227 պարբ 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ բան Յովնանի գրքին վաւերականութիւնը կ’ապացուցանէ։ [si էջ 153 պարբ. 3]
7. Միքիայի ո՞ր մարգարէութիւնը կապ ունի Քրիստոս Յիսուսի իշխանութեան հետ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ [si էջ 158 պարբ. 18]
8. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ Ամբակումի գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է։ [si էջ 161 պարբ. 4]
9. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 520, տակաւին Հրեաները աքսորէն իրենց վերադառնալուն նպատակը չէին իրագործած։ (Անգէ 1։4) [si էջ 166 պարբ. 3]
10. Զաքարիա ո՞ր փառաւոր օրուան կրկին անգամ կ’ակնարկէ։ [si էջ 172 պարբ. 26]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Միջատներու ներխուժման մասին Յովէլի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս առաջին դարուն կատարուեցաւ, իսկ ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուի։ (Յովէլ 2։1-10, 28) [դ07 10/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր»]
12. «Կողով մը ամառնային պտուղ»ը ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։ (Ամովս 8։1, 2) [դ07 10/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր»]
13. Եհովա ի՞նչ իմաստով ‘զղջաց այն չարիքին համար, որ Նինուէցիներուն վրայ պիտի բերէր’, եւ ասիկա ի՞նչպէս մեզի պէտք է ազդէ։ (Յովն. 3։10, Արեւմտահայերէն) [դ03 8/1 էջ 15-16]
14. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի անունով քալել։ (Միք. 4։5) [դ03 9/1 էջ 15 պարբ. 19]
15. Արդի ժամանակներուն, Եհովա ե՞րբ եւ ի՞նչպէս դատաստանի համար իր «տաճարը» եկաւ։ (Մաղ. 3։1-3) [յյ էջ 32 շրջանակ. jd էջ 179 պարբ. 3–էջ 181 պարբ. 6]