Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/08 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 1/08 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յունուարին. Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Այն ժողովքը որ այսպիսի գրքոյկներ չունի, կրնայ ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1991–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։ Փետրուարին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի՝ նոր հետաքրքրուած անհատներու այցելելու համար, որոնք Յիշատակատօնին կամ հանրային մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Այս այցելութիւններուն նպատակն է՝ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

◼ Մարտ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջ ունենալով, օժանդակ ռահվիրայութեան հոյակապ ամիս մըն է։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 2–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Տագնապի ժամանակները՝ ո՞ւր կրնաս օգնութիւն գտնել»։

◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն, այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Շաբաթ Մարտ 22–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Իւրաքանչիւր ժողովք պէտք է ջանայ Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարել։ Սակայն ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի բոլորն ալ Յիշատակատօնէն ետք լիովին օգտուին ընկերակցութենէն։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։

◼ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է վստահ ըլլայ թէ ժողովքի իւրաքանչիւր կանոնաւոր ռահվիրայի համար, նշանակումի նամակ մը (S-202) ունի։ Եթէ նամակը չգտնուի, հաճեցէք գրել մասնաճիւղին։

◼ 4 Օգոստոս 2008–էն սկսեալ, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի ուսումնասիրենք՝ Եհովայի օրը ի մտի ունենալով կեանքդ վարէ գիրքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել