Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն այս հրատարակութիւնը ունի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը համառօտակի ցուցադրելով՝ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ։ Հոկտեմբեր 1-19. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով։ Հոկտեմբեր 20–նոյեմբեր 16. Մասնայատուկ արշաւ՝ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը բաշխելու համար։ Նոյեմբեր 17-30. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը ըսէ թէ զաւակներու տէր է, Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը ներկայացուցէք։
◼ Որովհետեւ նոյեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ 2009–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի ապրիլ 20–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը ապրիլ 20–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։
◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ հրատարակութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին խնդրել 2008–ի Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները, 2008–ի Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ը եւ 2008–ի Դիտարանի գրադարանը խտասկաւառակի վրայ։ Ամէն ամիս յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» խորագրով նամակին մէջ պիտի նշուի թէ այս հրատարակութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ 2008–ի Դիտարանի գրադարանը մկրտուած ու չմկրտուած հրատարակիչներուն համար է եւ ձեռք կը ձգուի միայն ժողովքին միջոցով։ Այն հրատարակիչները որոնք Դիտարանի գրադարանը շատ կը գործածեն եւ այլեւս կազմուած հատորներուն չեն դիմեր, մտածելու են թէ հարկ կա՞յ որ կազմուած հատորները ապսպրեն։
◼ Վերակացու տեսուչին կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ՝ յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն համար։ Ստուգման համար նոյն անհատը յաջորդաբար պէտք չէ գործածուի։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք (Տես՝ Ժողովքի հաշուապահութեան մասին ցուցմունքներ [S-27])։