Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/09 էջ 4
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
թծ 1/09 էջ 4

Ծանուցումներ

▪ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ յունուարին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը այս գիրքը ունի, կրնաք ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1992–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։ Փետրուարին. Հետեւեալ հրատարակութիւններէն մէկը ներկայացուցէք. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը կամ Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որ Յիշատակատօնին եւ/կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը բաշխելու վրայ, նպատակ ունենալով՝ անով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

▪ Մարտ ամսուան առաջին շաբաթէն սկսեալ, շրջանային տեսուչներուն ներկայացնելիք նոր հանրային դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Աշխարհային պատրանքները մերժեցէք, Թագաւորութեան իրականութիւններուն հետամուտ եղէք»։

▪ Ժողովքները յարմար կարգադրութիւններ պէտք է ընեն՝ Յիշատակատօնը տօնակատարելու հինգշաբթի, Ապրիլ 9–ին, արեւամուտէն ետք։ Իւրաքանչիւր ժողովք պէտք է ջանայ Յիշատակատօնը առանձնաբար տօնակատարել։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի Յիշատակատօնէն ետք բոլորն ալ ընկերակցութենէն լիովին օգտուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել