Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յունուար
«Տարուան այս եղանակին, շատեր Յիսուսի մասին կը խորհին։ Քու կարծիքովդ, Յիսուս ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է քու վրադ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ [Կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21–ը։] Ասիկա ընելը կրնայ մեզ աւելի լաւ եւ աւելի ուրախ անձ մը դարձնել։ Այս պարբերաթերթը պատճառները կը բացատրէ»։
January
«Շատեր երբ խնդիրներ դիմագրաւեն, կը խորհին թէ Աստուած զիրենք կը պատժէ։ Երբեք այս զգացումը ունեցա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յակոբոս 1։13–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ մեր խնդիրներուն բուն աղբիւրը եւ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր նեղութիւնները շուտով վերջ պիտի գտնեն»։ Էջ 28–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 փետրուար
«Աշխարհի տարածքին մարդիկ Յիսուսի մօր՝ Մարիամի նկատմամբ տարբեր տեսակէտներ ունին։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Մարիամ պատմութեան մէջ անզուգական դեր մը ունեցաւ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 1։30-32–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Մարիամի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ»։
February
«Երկրագունդի մասին ամէն ինչ ցոյց կու տայ թէ անիկա շինուած է կեանքը պահպանելու համար։ Կը խորհի՞ս թէ ասիկա պարզապէս դիպուած մըն է, թէ ոչ՝ կ’ընդունիս թէ ասիկա կ’ապացուցանէ Ստեղծիչի մը ձեռագործը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր Աստուածաշունչի այս համարին հետ համաձայն կը գտնուին։ [Կարդա՛ Սաղմոս 104։24–ը։] Այս պարբերաթերթը Ստեղծիչի մը գոյութեան գիտական ու աստուածաշնչական ապացոյցները կը քննարկէ»։