Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, փետրուար 23–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 յունուարէն մինչեւ 23 փետրուար 2009 շաբաթներուն նշանակումները։
1. Աստուած ի՞նչպէս առաջին օրը լոյս գոյացուց, եթէ լուսաւորները չորրորդ օրը ըրաւ (Ծն. 1։3, 16)։ [դ04 1/1 էջ 6 պարբ. 5]
2. Ի՞նչ ցոյց կու տայ այն իրողութիւնը, թէ Եհովա Նոյի չըսաւ որ երկրին տիրէ, ինչպէս կատարեալ Ադամի ըսած էր (Ծն. 9։1)։ [it-2 էջ 1095 պարբ. 6]
3. Աբրահամական ուխտը ո՞ր թուականին ի զօրու եղաւ եւ ո՞րքան պիտի տեւէ (Ծն. 12։1-4)։ [դ04 2/1 էջ 24 պարբ. 4. դ01 8/15 էջ 17 պարբ. 13]
4. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ Նեբրովթ ու իր հետեւորդները չկրցան ‘իրենց անուն շինել’ (Ծն. 11։4)։ [w98 3/15 էջ 25]
5. Ի մտի ունենալով թէ Բ. Պետրոս 2։7–ի մէջ Ղովտ «արդար» կոչուած է, ան ինչո՞ւ առաջարկեց իր աղջիկները այլասերած խուժանին յանձնել (Ծն. 19։8)։ [դ05 2/1 էջ 29-30 պարբ. 15-16. դ04 2/1 էջ 25 պարբ. 3]
6. Որովհետեւ բարեպաշտ ամուսիններ իրենց ընտանիքին հոգ պէտք է տանին, Աբրահամ ի՞նչպէս կրնար Հագարն ու Իսմայէլը անապատ ղրկել (Ծն. 21։10-21. Ա. Տիմ. 5։8)։ [w88 2/15 էջ 31]
7. Իսահակին կին մը գտնելու համար՝ Եհովայի կերպով աշխատելու Եղիազարի ջանքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Ծն. 24։14, 15, 17-19, 26, 27)։ [w97 1/1 էջ 31 պարբ. 2]
8. Ի՞նչ էր Յակոբի երազին նշանակութիւնը, որուն մէջ տեսաւ հրեշտակներ, որոնք ‘սանդուխէ մը կ’ելլէին ու կ’իջնէին’ (Ծն. 28։10-13)։ [w03 10/15 էջ 29 պարբ. 1. it-2 էջ 189]
9. Ռաքէլ ինչո՞ւ շատ հետաքրքրուած էր Լիայի որդիին մանրագորները ձեռք ձգելով (Ծն. 30։14, 15)։ [դ04 2/1 էջ 25 պարբ. 13]
10. Յակոբ անձնական վէճեր լուծելու մէջ ի՞նչպէս լաւ օրինակ հանդիսացաւ (Ծն. 33։3, 4)։ [g82 2/22 էջ 19 պարբ. 8-10]