Յիշատակատօնը ծանուցանելու մասնայատուկ արշաւ
1. Համայն աշխարհի մէջ, 21 մարտ 2009–էն սկսեալ, Թագաւորութեան հրատարակիչները ի՞նչ բանով պիտի զբաղին եւ ինչո՞ւ։
1 Հիգշաբթի, 9 ապրիլ 2009–ին, աշխարհի տարածքին Եհովա Աստուծոյ երկրպագուները պիտի հաւաքուին, իր սիրոյ մեծագոյն արարքին վրայ խոկալու (Հռով. 5։6-9)։ Կ’ակնկալենք որ միլիոնաւոր հետաքրքրուած անհատներ մեզի հետ ներկայ գտնուին, երբ Յիսուսի մահը կը յիշատակենք։ Մարտ 21–էն սկսեալ, համայն աշխարհի մէջ, Յիշատակատօնին համար յատուկ հրաւիրագիր պիտի բաշխուի։
2. Երբ հրաւիրագիրը կը ներկայացնենք, ի՞նչ կէտեր ի մտի պէտք է ունենանք։
2 Ի մտի ունենալիք կէտեր։ Հրաւիրագրին վրայ գտնուող պատկերները, հարցումներն ու նշուած համարը, լիովին օգտագործէ։ Օրինակ, կրնաս առաջին պատկերը ուշադրութեան յանձնել ու ըսել. «Ուզեցի քեզ հրաւիրել որ մեզի հետ Յիսուսի մահը յիշատակես, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2009–ին»։ Ապա ակնարկէ խորագրին եւ անոր յաջորդող հարցումներուն։ Մի՛ մոռնար տանտիրոջ յիշեցնելու, թէ կրնայ հրաւիրել իր ընտանիքը եւ ուրիշներ։
3. Արշաւին սկիզբը տրուած հրաւէր մը ի՞նչպէս կարելի է հետապնդել։
3 Եթէ ժողովքը հսկայ թաղամաս մը ունի, երէցները կրնան թելադրել, որ տունը չեղողներուն ալ հրաւիրագիրներ ձգուին։ Շաբաթավերջերուն, հրաւիրագիրներուն կողքին, պարբերաթերթերը ներկայացուր։ Նպատակ դիր որ հրաւիրես վերայցելութիւններդ, Աստուածաշունչի աշակերտներդ, ազգականներդ, դպրոցակիցներդ, գործակիցներդ, դրացիներդ եւ այլ ծանօթներ։ Անցեալ տարի, քոյր մը իր ազգականներէն 30 հոգի հրաւիրեց, ապա պարբերաբար անոնց յիշեցուց առիթին կարեւորութիւնը։ Ան ո՜րքան ուրախացաւ, երբ անոնցմէ 25–ը ներկայ գտնուեցան, իսկ չորսը հետագային Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեցին։
4. Ներկայիս ի՞նչ ծրագիրներ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ։
4 Հի՛մա ծրագրէ։ Հրատարակիչներէն շատեր թերեւս կարենան մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին իրենց գործունէութիւնը աւելցնել։ Եթէ ունիս զաւակներ կամ Աստուածաշունչի աշակերտներ, որոնք կը յառաջդիմեն, ասիկա չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու հոյակապ ժամանակ մըն է։ Հի՛մա է ժամանակը կարգադրութիւններ ընելու, որ լիովին մասնակցինք այս արշաւին, որ սիրոյ երկու մեծագոյն արտայայտութիւններուն յիշատակը կը ծանուցանէ (Յովհ. 3։16. 15։13)։