Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին ու մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որ Յիշատակատօնին եւ/կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յունիսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած 192 էջնոց որեւէ գիրք ներկայացնել։
◼ Երբ ժողովքը Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի նոր թիւերը ստանայ, զանոնք անմիջապէս մատչելի պէտք է դարձնէ, որպէսզի հրատարակիչները կարենան անոնց բովանդակութեան ընտելանալ, դաշտի ծառայութեան մէջ զանոնք առաջարկելէ առաջ։