Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, ապրիլ 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ կ’ընդգրկէ մարտ 2–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ ապրիլ 27–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերը։
1. Յովսէփ իր դիմագրաւած առօրեայ փորձութեան հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ (Ծն. 39։7-12)։ [lv էջ 105 պարբ. 18–էջ 106 պարբ. 20]
2. Ծննդեան տարեդարձներուն նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ կը յայտնէ (Ծն. 40։20-22)։ [lv էջ 150 պարբ. 9–էջ 151 պարբ. 11]
3. Մեզի դէմ մեղանչողներուն ներելու մէջ ի՞նչպէս Յովսէփ սքանչելի օրինակ մըն է (Ծն. 45։4, 5)։ [w99 1/1 էջ 31 պարբ. 2-3]
4. Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Յովսէփի խօսքը. «Իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք» (Ծն. 50։25)։ [դ07 6/1 էջ 29 պարբ. 10]
5. Երբ դժուար նշանակում մը ստանանք, ի՞նչ բան կրնայ մեզ վստահութիւն ներշնչել (Ել. 4։10, 13)։ [դ04 4/1 էջ 29 պարբ. 4]
6. Փարաւոնի հետ Եհովայի վարուելու կերպը ի՞նչ արդիւնք տուաւ, եւ այդ դէպքերը ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի (Ել. 9։13-16)։ [դ05 6/1 էջ 9 պարբ. 8]
7. Ելից 14։30, 31–ը մեր օրերուն համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ [դ04 4/1 էջ 30 պարբ. 5]
8. Ինչպէս Ելից 16։1-3–ը ցոյց կու տայ, տրտնջալուն վտանգները ի՞նչ են։ [դ93 6/1 էջ 30 պարբ. 2-4]
9. Ելից 19։5, 6–ի մէջ նշուած մովսիսական օրէնքի ուխտին պայմաններուն համաձայն, ո՞ր տարողութեամբ կրնայ ըսուիլ թէ իսրայէլ «քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ» մըն էր։ [դ95 10/1 էջ 13 պարբ. 8]
10. Ընչաքաղցութեան վերաբերող տասներորդ պատուիրանը ի՞նչ կերպով մարդակերտ օրէնքները կը գերազանցէ (Ել. 20։17)։ [դ06 7/1 էջ 11 պարբ. 16]