Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/09 էջ 4
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
թծ 5/09 էջ 4

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որ Յիշատակատօնին եւ/կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յունիսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած 192 էջնոց որեւէ գիրք ներկայացնել։ Յուլիսին եւ օգոստոսին. 32 էջնոց որեւէ գրքոյկ, բացի Եհովայի վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկէն։

◼ Երբ ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ կ’ուզէք գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ վերահսկող մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղերուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։

◼ Ժողովներու յայտագիրները կրնան կարիքին համաձայն ճշդումի ենթարկուիլ, նկատի ունենալով «Արթո՛ւն կեցէք» բնաբանով նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան ժողովին մէջ, ժողովքին յարմար խրատներ ու յիշեցումներ պէտք է պարփակուին։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, տեղական կարիքներու բաժինը կրնայ գործածուիլ, վերաքաղ ընելու համար համաժողովի այն կէտերը, զորս հրատարակիչները ծառայութեան մէջ գործնական գտած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել