Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ։
1. Ելից 23։19–ի մէջ գտնուող արգելումէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ [w06 4/1 էջ 31 պարբ. 1-5]
2. Ուրիմը եւ Թումիմը ի՞նչ էին, եւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ ի՞նչպէս գործածուեցան (Ել. 28։30)։ [դ06 1/1 էջ 14. դ01 9/1 էջ 27]
3. Եհովա ի՞նչպէս Մովսէսի հետ «դէմ առ դէմ» խօսեցաւ (Ել. 33։11, 20)։ [դ04 4/1 էջ 31]
4. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ իսրայէլացիներէն, որոնք խորանի կառուցման համար առատաձեռնօրէն ինչք ու հմտութիւններ տրամադրեցին (Ել. 35։5, 10)։ [դ99 11/1 էջ 31 պարբ. 1-2]
5. Ելից 40։28–ի մէջ նշուած վարագոյրը ի՞նչ կը պատկերացնէ Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ։ [դ00 1/15 էջ 15 պարբ. 7-8]
6. «Ողջակէզ»ը, որ զոհասեղանին վրայ ամբողջութեամբ կը մատուցուէր, Յիսուսի զոհաբերութեան ո՞ր երեսակը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ (Ղեւ. 1։13)։ [դ04 6/1 էջ 29 պարբ. 3]
7. Այն իրողութիւնը թէ «բոլոր ճարպը Տէրոջն է», մեզի ի՞նչ կէտ կ’ընդգծէ (Ղեւ. 3։16, 17)։ [դ04 6/1 էջ 29 պարբ. 7]
8. Ահարոնի ու անոր որդիներուն աջ ականջին, աջ ձեռքին եւ աջ ոտքին վրայ խոյին արիւնը քսելը ի՞նչ նշանակութիւն ունէր (Ղեւ. 8։23, 24)։ [it-2 էջ 1113 պարբ. 4]
9. Ղեւտացւոց 12։8–էն, Յիսուսի ծնողքին մասին ի՞նչ գաղափար կը կազմենք եւ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ [դ99 1/1 էջ 6 պարբ. 5]
10. Քաւութեան օրը ներկայացուած անասնական զոհերը ի՞նչ կը յայտնեն Յիսուսի փրկանքի զոհին մասին (Ղեւ. 16։11-16)։ [դ98 2/1 էջ 12 պարբ. 2]