Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ ասիկա երրորդ ամիսն է, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու նոր բարձրագոյն թիւ մը կ’արձանագրուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Մարտին՝ յաւելեալ 21,936 ուսումնասիրութիւն վարուելով, ընդհանուր թիւը եղաւ՝ 691,657։ Նաեւ հետաքրքրական է նկատել, թէ Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիները բարձրագոյն թիւեր ունեցան՝ հրատարակիչներու, ժամերու, պարբերաթերթերու եւ վերայցելութիւններու թիւերուն մէջ։ Իսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու թիւը՝ 498, 73–ով կը գերազանցէ յունուար 2009–ին արձանագրուած բարձրագոյն թիւը։