Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, այս տարուան Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը՝ 2,469,036, ցարդ արձանագրուած բարձրագոյն թիւն է։ Ասիկա 1,409,783–ով կը գերազանցէ 2008–ի ծառայութեան տարուան հրատարակիչներու միջին թիւը։ Ուստի ‘ընելիք շատ բան կայ Տէրոջ գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58, ՆԱ)։
Ասիկա երկրորդ ամիսն է, որ Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիներուն ժողովքները նոր բարձրագոյն թիւեր ունեցան՝ ժամերու, պարբերաթերթերու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու թիւերուն մէջ։