Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Ուրախ ենք որ սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կանոնաւոր ռահվիրաներու նոր բարձրագոյն թիւ մը արձանագրուեցաւ։ Անոնց ընդհանուր թիւը՝ 126,998, 7890–ով կը գերազանցէ դեկտեմբեր 2008–ին արձանագրուած բարձրագոյն թիւը։ Նաեւ ուրախութեամբ կը նշենք, թէ սեպտեմբերին՝ Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիները երկու նոր բարձրագոյն թիւեր արձանագրեցին։ Անոնց ուսումնասիրութիւններուն նոր բարձրագոյն թիւն է՝ 591, այսինքն միջին հաշուով, իւրաքանչիւր հրատարակիչ կը վարէ 2,4 դաս։ Ասկէ զատ, 31 կանոնաւոր ռահվիրաները կը ներկայացնեն հրատարակիչներուն 13 տոկոսը։ Նաեւ քաջալերական է տեղեկանալ, թէ Պերմուտայի մէջ, հրատարակիչներուն 15,9 տոկոսը որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ կը ծառայէ։