Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ կանոնաւոր ռահվիրաներու նոր բարձրագոյն թիւ մը արձանագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Հոկտեմբեր 2009–ին տեղեկագրութիւն ներկայացնող կանոնաւոր ռահվիրաներու թիւը՝ 127,938, 940–ով կը գերազանցէ սեպտեմբեր 2009–ին ձեռք ձգուած բարձրագոյն թիւը։ Ասիկա յաջորդական երկրորդ ամիսն է, որ կանոնաւոր ռահվիրաներու նոր բարձրագոյն թիւ մը ձեռք կը ձգուի։
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ հոկտեմբեր 2009–ին, Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիները նոր բարձրագոյն թիւ մը ձեռք ձգեցին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու թիւը՝ 617, 4,4% յաւելում է՝ սեպտեմբեր 2009–ին արձանագրուած բարձրագոյն թիւին վրայ։ Նաեւ հետաքրքրական է նկատել, թէ այս ծառայութեան տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին, վերայցելութիւններուն թիւը 90,6 տոկոսով աւելի է, քան ինչ որ տեղեկագրուեցաւ անցեալ ծառայութեան տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին։