Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/10 էջ 2
  • Կարեւորագոյն գործը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կարեւորագոյն գործը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՞ս մասնակցիլ աշակերտելու գործին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պէտք է պահպանենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Աստուածային Անունը Ճանչցնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 3/10 էջ 2

Կարեւորագոյն գործը

1. Ծառայութեան հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը մեզ պիտի մղէ ի՞նչ զոհողութիւններ ընելու։

1 Ինչո՞ւ կանոնաւորաբար մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ ծառայութեան յատկացնենք մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները։ Քանի որ աւելի մեծարժէք գործունէութիւն մը չկայ։ Այս անկրկնելի գործին հեռահաս ազդեցութիւններուն վրայ խոկալը, մասնակցելու մեր փափաքը պիտի աւելցնէ (Գործք 20։24)։

2. Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս Եհովայի մեծ անուան սրբութեան կը նպաստէ։

2 Եհովայի անունը կը սրբացնէ։ Քարոզչութիւնը կ’ընդգծէ թէ Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը պիտի փոխարինէ բոլոր մարդկային կառավարութիւնները եւ պիտի լուծէ մարդկութիւնը տառապեցնող բոլոր խնդիրները (Մատ. 6։9, 10)։ Եհովա կը պանծացուի որպէս միակը, որ կրնայ մեզ հիւանդութենէ ու մահէ ազատել (Եսա. 25։8. 33։24)։ Որովհետեւ իր անունը կը կրենք, մեր ընտիր վարքն ու նախանձախնդրութիւնը տեսնողները կրնան զինք փառաւորել (Ա. Պետ. 2։12)։ Ի՜նչ գոհունակ կը զգանք, երկրի տարածքին Գերիշխան Տէր Եհովայի անունը ճանչցնելով (Սաղ. 83։18)։

3. Թագաւորութեան պատգամը ընդունողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան։

3 Կեանքեր կը փրկէ։ Եհովա «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Բայց առանց սորվեցնողի մը, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ, թէ Եհովա ո՛ր վարքը պատշաճ կամ անպատշաճ կը նկատէ (Յովն. 4։11. Հռով. 10։13-15)։ Երբ անհատներ բարի լուրին ընդառաջեն, վնասակար սովորութիւններ լքելով իրենց կեանքի որակը կը բարելաւուի (Միք. 4։1-4)։ Ասկէ զատ, անոնք յաւիտենական կեանքի ուրախ հեռանկարը ձեռք կը ձգեն։ Մեր գործօն քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը կը փրկէ թէ՛ մեզ եւ թէ մեզի մտիկ ընողները (Ա. Տիմ. 4։16)։ Այս կարեւորագոյն գործին մէջ ի՜նչ պատուական դեր մը ունինք։

4. Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ ինչո՞ւ գործօն բաժին մը պէտք է բերենք։

4 Շուտով մեծ նեղութիւնը այս անիրաւ աշխարհին անակնկալ վերջ պիտի դնէ։ Եհովայի կողմը դիրք բռնողները պիտի վերապրին։ Հետեւաբար, քարոզելու եւ աշակերտելու գործը, ներկայիս տեղի ունեցող ամէնէն ստիպողական, կարեւոր եւ օգտակար գործն է։ Մեր կեանքին մէջ առաջնագոյն տեղը տանք անոր (Մատ. 6։33)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել