Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/10 էջ 6
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 3/10 էջ 6

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Հրատարակիչները պէտք է ի մտի ունենան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, երբ այս գիրքը տեղաւորուի կամ եթէ տանտէրը զայն ունի։ Ապրիլ, մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որոնք Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը բաշխելու վրայ, նպատակ ունենալով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, հրատարակիչները կրնան ներկայացնել՝ Եհովայի մօտեցիր, Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Երկրպագէ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ կամ դաշտի ծառայութեան յատկացուած այլ հրատարակութիւն մը, զոր ժողովքը ունի։

◼ Ժողովքները անմիջապէս պէտք է մատչելի դարձնեն Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերը, երբ ստանան զանոնք, թոյլ տալով որ հրատարակիչները անոնց բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելէ առաջ։

◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 30 մարտ 2010–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար երեքշաբթի օր ժողով կ’ունենայ, ջանացէք զայն շաբթուան ուրիշ մէկ օրը ընել։ Եթէ Թագաւորութեան սրահը կը գործածուի շատ մը ժողովքներու կողմէ, եւ կարելի չէ նոր ժողով մը յայտագրին մէջ մտցնել, զայն կրնաք ջնջել։ Ձեր ժողովքին կիրարկուող Ծառայութեան ժողովի բաժինները կրնաք ուրիշ Ծառայութեան ժողովի մը մէջ ներկայացնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել