Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ ապրիլ, մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որոնք Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը բաշխելու վրայ, նպատակ ունենալով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, հրատարակիչները կրնան ներկայացնել՝ Եհովայի մօտեցիր, Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Երկրպագէ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ կամ դաշտի ծառայութեան յատկացուած այլ հրատարակութիւն մը, զոր ժողովքը ունի։ Յուլիս. Որեւէ 32–էջնոց գրքոյկ, զոր ժողովքը ունի։ Եթէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը մատչելի է, զայն ներկայացուցէք։
◼ Նահանգային, շրջանային եւ միօրեայ մասնաւոր համաժողովներու շաբթուան ընթացքին, ժողովքը Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց եւ Ծառայութեան ժողով պիտի չունենայ։ Այս ըլլալով պարագան, բոլորը կը քաջալերենք որ այս երեք ժողովներուն նիւթերը անհատական գետնի վրայ նկատի առնեն, ինչպէս՝ Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։
◼ 2010–ի Յիշատակատօնի շրջանին, հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն. ե՞րբ»։