Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, հրատարակիչները կրնան ներկայացնել՝ Եհովայի մօտեցիր, Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Երկրպագէ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ կամ դաշտի ծառայութեան յատկացուած այլ հրատարակութիւն մը, զոր ժողովքը ունի։ Յուլիս, օգոստոս. Արթո՛ւն կեցէք կամ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը։ Եթէ այս գրքոյկները մատչելի չեն, կրնաք որեւէ 32–էջնոց գրքոյկ ներկայացնել, բացի՝ Արիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փրկել ձեր կեանքը, Եհովայի վկաները եւ ուսումը եւ Եհովայի վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկներէն։ Սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Առաջին հանդիպումին՝ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, Աստուածաշունչի զօրութիւնը ձեր կեանքին մէջ եւ Աստուածաշունչը. ճշգրիտ պատմութիւն, վստահելի մարգարէութիւն տեսաերիզները նկատի պիտի առնուին Ծառայութեան ժողովներուն մէջ։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցաւ կրնաք ապսպրել այս յայտագիրները բովանդակող DVD–ն, որուն խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը. իրողութեան ու մարգարէութեան գիրք մը։