Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Առաջին հանդիպումին՝ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ։ Դեկտեմբեր. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տան մէջ երեխաներ կան, ներկայացուցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։
◼ 2011–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի ապրիլ 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան թեման յետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, յաջորդ շաբաթ մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը ապրիլ 25–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։
◼ 2011–ի մարտ 14–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ նկատի պիտի առնուի՝ «Հիմնովին վկայութիւն տանք» գիրքը։ Անոր կարիք ունեցող ժողովքը, անյապաղ քանակ մը պէտք է ապսպրէ։