Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ փետրուար. Հրատարակիչներ կրնան հետեւեալ գիրքերէն մէկը ներկայացնել. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը, կամ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Անխոնջ ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Ապրիլ եւ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ի ներառեալ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։
◼ 2011–ի Յիշատակատօնի շրջանին, հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Աստուածաշնչական սկզբունքները կրնա՞ն մեզի օգնել, որ ներկայ խնդիրներու հետ գլուխ ելլենք»։
◼ Յիշատակատօնի օրը, կիրակի՝ ապրիլ 17–ին, դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ ուրիշ ժողովներ տեղի պիտի չունենան։ Այն ժողովքները որոնք սովորաբար այդ օրը ժողովքային հանդիպում կ’ունենան, կրնան զայն շաբթուան ուրիշ մէկ օրը փոխադրել։ Եթէ Թագաւորութեան սրահը կը գործածուի շատ մը ժողովքներու կողմէ, եւ կարելի չէ նոր ժողով մը յայտագրին մէջ մտցնել, զայն կրնաք ջնջել։ Այս պարագային, ընտանիքներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան նիւթը նկատի առնեն իրենց Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին ընթացքին։