Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Անխոնջ ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Ապրիլ եւ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ի ներառեալ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն ունի այս գիրքը, հրատարակիչներ կրնան ներկայացնել 192 էջնոց որեւէ գիրք, որ տպուած է գունաթափուող թուղթի վրայ, կամ որեւէ գիրք որ 1995–էն առաջ լոյս տեսած է։
◼ Երբ չինարէն խօսողի մը կը վկայես, Ազգեր գրքոյկէն ցոյց տուր այն էջերը, որոնք գրուած են չինարէն (աւանդական) (CH) եւ չինարէն (պարզուած) (CHS) լեզուներով, որպէսզի գիտնաս թէ ո՛ր լեզուով կը նախընտրէ կարդալ։ Ընդհանուր առմամբ, Հոնկ Քոնկէն կամ Թայուանէն եկող անհատները կը նախընտրեն չինարէն (աւանդական) (CH) լեզուով կարդալ, մինչդեռ Չինաստանէն եկող անհատները ընդհանրապէս կը նախընտրեն չինարէն (պարզուած) (CHS) լեզուով կարդալ։ Սակայն, ինչ կը վերաբերի տեսաերիզներու կամ ձայնագրութիւններու, նկատի առ թէ տանտէրը ո՛ր բարբառը կը խօսի ու լաւագոյնս կը հասկնայ։ Մեծ մասամբ, թէ՛ Չինաստանէն եւ թէ Թայուանէն եկող մարդիկը կը հասկնան չինարէն (մանտարին) (CHM), մինչդեռ Հոնկ Քոնկէն եկողները կը հասկնան չինարէն (քէնթըներէն) (CHC)։
◼ Օգոստոսին, Ծառայութեան ժողովի մը մէջ նկատի պիտի առնուի հետեւեալ տեսաֆիլմը՝ Եհովայի վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու։ Ի պահանջել հարկին, զայն կրնաք ապսպրել ժողովքին միջոցով, կարելի եղածին չափ շուտ։