Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն ունի այս գիրքը, հրատարակիչները կրնան ներկայացնել 192 էջնոց որեւէ գիրք, որ տպուած է գունաթափուող թուղթի վրայ, կամ որեւէ գիրք որ 1995–էն առաջ լոյս տեսած է։ Յուլիս եւ օգոստոս. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի. Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար. Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել եւ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։