Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ գրքոյկը։ Դեկտեմբեր. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տան մէջ երեխաներ կան, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ կամ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը։
◼ 2012–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի ապրիլ 2–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան թեման յետագային պիտի ծանուցանուի։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը Յիշատակատօնէն առաջ պէտք չէ ունենայ։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք 2012–ի մարտ ամիսը օժանդակ ռահվիրայ պիտի ըլլան, պիտի կարենան ընտրել 30 ժամ կամ 50 ժամ աշխատիլ։ Ասկէ զատ, եթէ մարտ ամսուան մէջ շրջանային տեսուչը ժողովքը կ’այցելէ, բոլոր օժանդակ ռահվիրաները, ըլլան անոնք 30 ժամ թէ 50 ժամ աշխատողներ, հրաւիրուած են կանոնաւոր ռահվիրաներու ամբո՛ղջ ժողովին ներկայ գտնուելու, որ շրջանային տեսուչը կը վարէ։
◼ Սեպտեմբերին, շրջանային տեսուչները հանրային դասախօսութիւն մը սկսան ներկայացնել, որուն վերնագիրն է՝ «Միացէ՛ք Աստուծոյ երջանիկ ժողովուրդին»։