Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ գրքոյկը։ Դեկտեմբեր. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տան մէջ երեխաներ կան, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ կամ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը։ Յունուար. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։