Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ նոյեմբեր. Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ գրքոյկը։ Դեկտեմբեր. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տան մէջ երեխաներ կան, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ կամ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը։ Յունուար. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Փետրուար. հրատարակիչները կրնան հետեւեալ գիրքերէն մէկը ներկայացնել. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը, կամ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։
◼ Համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւնները, որոնք ուղղակի մասնաճիւղին կ’ուղարկուին, «Դիտարան»ին վճարելի պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania c/o Treasurer’s Office 25 Columbia Heights Brooklyn NY 11201-2483։