Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ փետրուար. հրատարակիչները կրնան հետեւեալ գիրքերէն մէկը ներկայացնել. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը, կամ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Մարտ. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Ապրիլ եւ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ներառեալ՝ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։
◼ Մասնաւոր դասախօսութիւնը Յիշատակատօնի յաջորդող շաբաթավերջին պիտի տրուի եւ ատոր խորագիրն է՝ «Վախճանը քու խորհածէդ աւելի՞ ուշ է»։
◼ Երբ կը ծրագրէք այցելել երկիր մը, որ ընթացիկ ծառայութեան տարուան տեղեկագրութեան մէջ չէ նշուած կամ որուն հասցէն նոր Տարեգիրք–ին վերջին էջին մէջ չէ տրուած, հաճեցէք կապ պահել ձեր մասնաճիւղին հետ, իմանալու համար թէ ի՛նչ նախազգուշութիւններու եւ մասնայատուկ ցուցմունքներու պէտք է հետեւիք։ Այդ շրջանին մէջ Թագաւորութեան գործը կրնայ որոշ արգելքներու տակ ըլլալ (Մատ. 10։16)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ յանձնարարելի չէ, որ այցելուներ շփման մէջ գան տեղական Վկաներու կամ ժողովքներու հետ։ Նաեւ անպաշտօն վկայութեան կամ հրատարակութիւններ կրելուն վերաբերեալ ուղղութիւն պիտի տրուի։ Թելադրութիւններուն հետ ձեր համագործակցութիւնը պիտի օգնէ, որ ձեզի կամ Թագաւորութեան գործին անհարկի խնդիրներ չծագին (Ա. Կոր. 14։33, 40)։