Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2012–ի ապրիլ 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Աստուածաշունչի Երեմիա գիրքը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի։ [Մարտ 5, si էջ 129 պարբ. 36]
2. Ներկայիս, Եհովա ինչպէ՞ս կրնայ մեզ հալածանքէ ազատել (Եր. 1։8)։ [Մարտ 5, դ06 1/1 էջ 12 պարբ. 18]
3. Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս օծեալները «հին շաւիղներուն» վերադարձան (Եր. 6։16)։ [Մարտ 12, դ05 11/1 էջ 26 պարբ. 12]
4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ, թէ ներկայիս «Գաղաադի մէջ բալասան» կայ (Եր. 8։22)։ [Մարտ 19, w10 6/1 էջ 22 պարբ. 3–էջ 23 պարբ. 4]
5. Ի՞նչ կերպով Եհովա ‘կը զղջայ’ դատաստան յայտարարելէ ետք (Եր. 18։7, 8, ՆԱ)։ [Ապ. 2, jr էջ 151–ի շրջանակը]
6. Եհովա ի՞նչ կերպով Երեմիան խաբեց, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել (Եր. 20։7)։ [Ապ. 2, դ07 4/1 էջ 9 պարբ. 6]
7. Ի՞նչ առումով Եհովա Իսրայէլի թշնամիներ ‘հանեց’ կամ բառացիօրէն ‘սրբացուց’ (Եր. 22։6-9)։ [Ապ. 9, it-2 էջ 1166 պարբ. 8]
8. Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդին ինչո՞ւ կրնար իրաւացիօրէն ըսել. «Ողորմութեամբ քեզ քաշեցի» (Եր. 31։3)։ [Ապ. 23, jr էջ 142-145 պարբ. 8-11]
9. Աստուծոյ օրէնքը ինչպէ՞ս սրտերուն վրայ կը գրուի (Եր. 31։33)։ [Ապ. 23, դ07 4/1 էջ 11 պարբ. 2]
10. Նոյն գործարքին համար երկու վաւերագիր ընելը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէր (Եր. 32։10-15)։ [Ապ. 30, դ07 4/1 էջ 11 պարբ. 3]