Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/12 էջ 1
  • Ազդու մօտեցում մը գործածէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ազդու մօտեցում մը գործածէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Խօսքիս մէջ կեցէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • «Անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • «Ամէն տեսակ մարդոց» քարոզէ՛
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ՞Ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 9/12 էջ 1

Ազդու մօտեցում մը գործածէ

1. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ նախկին քրիստոնեաներուն գործածած տարբեր մօտեցումներէն։

1 Նախկին քրիստոնեաները բարի լուրը քարոզեցին զանազան մշակոյթներէ եւ կրօնքներէ եկած մարդոց (Կող. 1։23)։ Հակառակ որ միեւնոյն պատգամը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ կը քարոզէին, անոնք մօտեցումը յարմարցուցին ունկնդիրներուն։ Օրինակի համար, երբ Պետրոս խօսեցաւ հրեաներուն, որոնք մեծապէս կը յարգէին Սուրբ Գրութիւնները, մէջբերում մը ըրաւ Յովէլ մարգարէի խօսքերէն (Գործք 2։14-17)։ Միւս կողմէ, նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ կերպով տրամաբանեց յոյներուն հետ Գործք 17։22-31–ի մէջ։ Ներկայիս, որոշ թաղամասերու մէջ Աստուածաշունչի հանդէպ յարգանք կայ. այս պարագային, կրնանք զայն ազատօրէն գործածել մինչ տունէ տուն կը քարոզենք։ Սակայն, թերեւս կարիքը կայ աւելի խոհեմ ըլլալու, մինչ կը խօսինք այնպիսի մարդոց հետ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աստուածաշունչով կամ կրօնքով, կամ ալ քրիստոնեաներ չեն։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք ներկայացուելիք հրատարակութիւնները գործածել թէ՛ Աստուածաշունչը յարգող եւ թէ զայն չյարգող մարդոց համար։

2 Ներկայացուելիք հրատարակութիւնները ազդուօրէն գործածէ։ Այս ծառայութեան տարուան համար, ներկայացուելիք հրատարակութիւնները երկու ամիսը անգամ մը պիտի փոխուին, եւ շեշտ պիտի դրուի՝ պարբերաթերթեր, գրքոյկներ եւ թերթիկներ բաշխելու վրայ։ Նո՛յնիսկ եթէ մեր թաղամասերուն մէջ, ընդհանուր առմամբ մարդիկ հետաքրքրուած չեն Աստուածաշունչով, տակաւին կրնանք ներկայացնել վերոնշեալ հրատարակութիւններէն նիւթ մը, որ իրենց ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։ Թերեւս առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչէն մէջբերում չընենք կամ համար մը չկարդանք, բայց եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, կրնանք նպատակ դնել վերայցելութեան ատեն իրեն օգնելու, որ Ստեղծիչին եւ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կերտէ։ Միւս կողմէ, եթէ կը քարոզենք հո՛ն ուր մարդիկ որոշ յարգանք ունին Աստուածաշունչին հանդէպ, կրնանք ուղղակի մօտեցում մը գործածել եւ իրենց յարմարող հրատարակութիւն մը ներկայացնել։ Ի մտի ունենանք, որ որեւէ ատեն կրնանք առաջարկել Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկները, նոյնիսկ եթէ որոշ ամիս մը ներկայացուելիք ուրիշ հրատարակութիւններ կան։ Գլխաւոր միտքը այն է որ գործածենք մօտեցում մը, որ Եհովայի հանդէպ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ։

3. Մեր թաղամասերուն մէջ, մարդոց սրտերը ի՞նչ առումով հողի կը նմանին։

3 Հողը մշակէ։ Մարդոց սրտերը հողի կը նմանին (Ղուկ. 8։15)։ Կան որոշ հողեր, որոնք պէտք է աւելի լաւ մշակուին առաջ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմերը արմատ նետեն եւ աճին։ Առաջին դարու աւետարանիչները յաջողապէս սերմանեցին ամէն տեսակ հողի մէջ, ինչ որ զիրենք ուրախացուց եւ գոհունակութիւն տուաւ (Գործք 13։48, 52)։ Մենք ալ կրնանք յաջողութիւն գտնել, եթէ ուշադրութիւն ընծայենք մեր մօտեցումին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել