«. . .ամսուան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելու գաղափարներ»
Սովորաբար, ամէն ամիս Ծառայութեան ժողովին մէջ բաժին մը կ’ունենանք պարբերաթերթերը առաջարկելու մասին։ Բայց այս բաժինին նպատակը պարբերաթերթերուն բովանդակութիւնը վերաքաղ ընել չէ, հապա՝ զանոնք առաջարկելու գաղափարնե՛ր քննարկելն է։ Հետեւաբար, ըստ ցուցմունքներուն, պարբերաթերթերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար, նշանակուած եղբայրը շատ կարճ բացում մը ընելէ ետք, յօդուած առ յօդուած, հրատարակիչներէն գաղափարներ կը խնդրէ, որպէսզի բոլորը կարենան հետեւիլ եւ նոթեր առնել։ Փոխանակ ներկաներէն խնդրելու որ լման ներկայացումը ըսեն, եղբայրը կը խնդրէ որ հետաքրքրաշարժ հարցումներ թելադրեն եւ ապա կը հարցնէ թէ ի՛նչ համար կրնան կարդալ։ Ան իր նիւթը կ’եզրափակէ՝ իւրաքանչիւր պարբերաթերթին համար ցուցադրութիւն ունենալով։ Մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ պարբերաթերթերը կանխա՛ւ աչքէ անցընենք եւ պատրաստ ըլլանք մեր առաջարկները տալու։ Եթէ բոլորս լաւ նախապատրաստուինք, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ մէկս միւսիս երեսը սրենք (Առ. 27։17)։