Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2012–ի դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Յովէլ 2։1-10, 28–ի մէջ արձանագրուած միջատներու ներխուժման վերաբերեալ մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։ [Նոյ. 5, դ07 10/1 էջ 16 պարբ. 6]
2. Ամովս 8։11–ը որո՞նց կը կիրարկուի։ Հոգեւոր առատութեան մէջ ըլլալով՝ մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղենք։ [Նոյ. 12, jd էջ 60-61 պարբ. 9]
3. Ի՞նչ բան թերեւս մղեց եդովմայեցիները որ սրտով հպարտանան, եւ ի՞նչ իրողութիւն բնաւ պէտք չէ մոռնանք (Աբ. 3, 4)։ [Նոյ. 19, դ07 11/1 էջ 24 պարբ. 1]
4. Եհովան ի՞նչ առումով գթաց ու Նինուէի բնակիչներուն վրայ չարիք չբերաւ (Յովն. 3։8, 10)։ [Նոյ. 19, դ07 11/1 էջ 25 պարբ. 1]
5. Աստուծոյ անունով քալելը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնել (Միք. 4։5)։ [Նոյ. 26, jd էջ 88 պարբ. 12]
6. Նաւում 2։6-10–ի մարգարէութեան կատարումը ի՞նչ հաւաստիք կու տայ մեզի։ [Դեկ. 3, դ07 12/1 էջ 9 պարբ. 2. դ88 7/1 էջ 21 պարբ. 9]
7. Անգէ 1։6–ին իմաստը ի՞նչ է եւ ի՞նչ դաս կը քաղենք անկէ։ [Դեկ. 10, դ06 5/1 էջ 10 պարբ. 12-15]
8. Ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել Զաքարիա 7։10–ի գործնական խրատը, որ կ’ըսէ թէ մեր եղբօրը համար մեր սրտին մէջ չարութիւն պէտք չէ մտածենք։ [Դեկ. 17, jd էջ 113 պարբ. 6. դ07 12/1 էջ 15 պարբ. 2]
9. Զաքարիա 4։6, 7–ի խօսքերը ինչո՞ւ մխիթարական են Եհովայի այժմու երկրպագուներուն համար։ [Դեկ. 17, դ07 12/1 էջ 14 պարբ. 7]
10. Մաղաքիա 3։16–ի խօսքերուն ի տես, ինչո՞ւ միշտ ուղղամիտ պէտք է մնանք Եհովայի հանդէպ։ [Դեկ. 31, դ08 1/1 էջ 8 պարբ. 6]