Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի օգոստոս 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Հերովդէս թագաւոր յօժարակամօրէն ընդունեց անտեղի գովաբանութիւն ու պատիւ ստանալ մարդոցմէ. ասկէ ի՞նչ շատ կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ (Գործք 12։21-23): [Յլս. 1, դ08 5/1 էջ 12 պարբ. 7]
2. Քրիստոնեայ պատանիներ ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ՝ Տիմոթէոսի օրինակը վերլուծելով եւ անոր հետեւելով (Գործք 16։1, 2): [Յլս. 8, դ08 5/1 էջ 12 պարբ. 10]
3. Ակիւղաս ու Պրիսկիղա, Եփեսոսի ժողովարանին մէջ Ապօղոսի «համարձակ խօսիլը» տեսնելով, ինչպէ՞ս իրեն սիրալիրօրէն օգնեցին (Գործք 18։24-26): [Յլս. 15, դ10 6/1 էջ 16 պարբ. 4]
4. Աստուածաշնչական ի՞նչ հիման վրայ Եհովայի վկաները կրնան երկրին ատեանները օգտագործել՝ քարոզելու իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար (Գործք 25։10-12): [Յլս. 22, bt էջ 198 պարբ. 6]
5. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս շարունակեց վկայելու կերպեր գտնել նոյնիսկ երբ բանտարկուած էր Հռոմի մէջ, եւ Եհովայի այժմու ծառաները ինչպէ՞ս կրնան զինք ընդօրինակել (Գործք 28։17, 23, 30-32): [Յլս. 29, bt էջ 215-217 պարբ. 19-23]
6. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ միասեռական արարքները կը դատապարտէ որպէս անբնական եւ անվայել արարքներ (Հռով. 1։26, 27): [Օգոս. 5, g 1/12 էջ 28 պարբ. 7]
7. Յիսուս Քրիստոսի փրկանքը Ք.Ե. 33–ին, ինչպէ՞ս կրնար «նախապէս գործուած մեղքերը» ջնջել (Հռով. 3։24, 25)։ [Օգոս. 5, դ08 6/1 էջ 13 պարբ. 6]
8. Եհովան ի՞նչ սիրալիր կարգադրութիւն մը ըրած է այն պահերուն համար, երբ դիմագրաւենք պարագաներ, որոնք ա՛յնքան շփոթեցուցիչ են որ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք (Հռով. 8։26, 27): [Օգոս. 12, դ08 6/1 էջ 14 պարբ. 10]
9. «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք» յորդորը ի՞նչ կը նշանակէ (Հռով. 12։13): [Օգոս. 19, դ09 10/1 էջ 17-18 պարբ. 12-13]
10. Ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել Պօղոս առաքեալի խրատը, որ ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը մեր վրայ հագնինք’ (Հռով. 13։14): [Օգոս. 26, դ05 1/1 էջ 25-26 պարբ. 20-22]