Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի հոկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոսին միտքը» ունենալ (Ա. Կոր. 2։16)։ [Սեպտ. 2, դ08 7/1 էջ 15 պարբ. 7]
2. Ի՞նչ կերպերով ‘պոռնկութենէն կը փախչինք’ (Ա. Կոր. 6։18)։ [Սեպտ. 2, դ08 7/1 էջ 15 պարբ. 9, դ04 3/1 էջ 10 պարբ. 9]
3. Պօղոս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր երբ գրեց թէ պէտք է որ ‘կիները եկեղեցիներուն մէջ լուռ կենան’ (Ա. Կոր. 14։34)։ [Սեպտ. 9, դ12 10/1 էջ 9, շրջանակ]
4. Բ. Կորնթացիս 1։23բ–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն այժմու երէցներուն։ [Սեպտ. 16, դ13 1/15 էջ 27 պարբ. 2-3]
5. Բ. Կորնթացիս 9։7–ի խօսքերը ի՞նչ ուղղութիւն կու տան մեզի։ [Սեպտ. 23, g 5/08 էջ 21, շրջանակ]
6. Գաղատացիս 6։4–ի մէջ նշուած Պօղոսի խրատին անսալով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ [Սեպտ. 30, դ12 12/1 էջ 21 պարբ. 18]
7. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը պահել’ (Եփ. 4։3)։ [Հոկտ. 7, դ12 7/1 էջ 28 պարբ. 7]
8. Պօղոս իր ետին ձգած բաներուն համար ինչպէ՞ս զգաց (Փլպ. 3։8)։ [Հոկտ. 14, դ12 3/1 էջ 27 պարբ. 12]
9. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները» խրատին միտք բանին ի՞նչ է (Ա. Թես. 5։6)։ [Հոկտ. 21, դ12 3/1 էջ 10 պարբ. 4]
10. Ի՞նչ առումով Յիսուսի զոհաբերական մահը «համապատասխան փրկանք» մըն էր (Ա. Տիմ. 2։6, ՆԱ)։ [Հոկտ. 28, դ11 6/1 էջ 21 պարբ. 11]