Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը նախանձախնդրութեամբ ծանուցանէ
Մեր նախանձախնդրութիւնը կ’աւելնայ, երբ գիտնանք Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ բաժնել։ Յիսուս անկիւնին գլուխն է, որուն վրայ ճշմարիտ հաւատքը հիմնուած է (Եփ. 2։20)։ Առանց իրեն մենք կեանքի յոյս պիտի չունենայինք (Գործք 4։12)։ Անոր համար կարեւոր է որ բոլորը գիտակցին Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի դիրքին։ Շատեր անաստուածաշնչական վարդապետութիւններով մոլորած են։ Ցաւօք սրտի, անոնք պիտի չստանան այն օրհնութիւնները, որոնք Աստուած կը խոստանայ Յիսուսի հաւատացողներուն։ Ճշմարտութեան նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը մեզ պիտի մղէ ազնուասիրտ անհատներուն օգնելու որ ճիշդ հասկացողութիւն ձեռք ձգեն՝ Յիսուսի, Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան եւ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերին մասին։ Յիշատակատօնի շրջանին Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը նախանձախնդրաբար պիտի ծանուցանե՞ս։