Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մարտ եւ ապրիլ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Մայիս եւ յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, կամ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015–ին։ Եթէ այդ օրը ձեր ժողովքը սովորաբար ժողով կ’ունենայ, անիկա պէտք է կայացուի շաբթուան ուրիշ մէկ օրուան մէջ, եթէ Թագաւորութեան սրահը մատչելի է։ Եւ եթէ Ծառայութեան ժողովը չեղեալ պիտի ըլլայ, երէցներու մարմինի համակարգողը թերեւս յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէ, որպէսզի յատկապէս ժողովքին կիրարկուող բաժինները նկատի առնուին ամսուան ընթացքին։