Յունուար 9-15
ԵՍԱՅԻ 29-33
Երգ 123 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ» (10 վրկ.)
Եսա. 32։1։ Թագաւորը որ արդարութեամբ պիտի թագաւորէ Յիսուս Քրիստոսն է (դ14 2/15 էջ 6 պարբ. 13)
Եսա. 32։2։ Թագադրուած Յիսուս իշխաններ կը հայթայթէ որ իր հօտին հոգ տանին (ip-1 էջ 332-334 պարբ. 7-8)
Եսա. 32։3, 4։ Եհովային ժողովուրդը ուղղութիւն եւ մարզում կը ստանայ, ինչ որ իրենց կ’օգնէ որ արդարութիւն ցուցաբերեն (ip-1 էջ 334-335 պարբ. 10-11)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Եսա. 30։21։ Եհովան ի՞նչ կերպերով իր ժողովուրդին հետ կը հաղորդակցի (դ14 8/15 էջ 21 պարբ. 2)։
Եսա. 33։22։ Եհովան ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս դարձաւ իսրայէլ ազգին Դատաւորը, Օրէնսդիրը եւ Թագաւորը (դ14 10/15 էջ 14 պարբ. 4)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Եսայի 30։22-33 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ)։ դհ17.1 կողք։ Ջղային տանտիրոջ մը հետ խօսէ։
Վերայցելութիւն (4 վրկ. կամ նուազ)։ դհ17.1 կողք։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն (6 վրկ. կամ նուազ)։ «Աստուծոյ սէրը» էջ 31-32 պարբ. 12-13։ Ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս կարելի է անհատին սրտին հասնիլ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Փոթորիկին դէմ դնող ծածկոց» (Եսա. 32։2) (9 վրկ.)։ Դիտել տուր տեսաերիզը։
«Ժողովներուն ուշի–ուշով մտիկ ըրէ» (6 վրկ.)։ Դիտել տուր Ժողովներուն ուշի–ուշով մտիկ ըրէ տեսաերիզը։ Ապա երեխաները բեմ հրաւիրէ եւ իրենց հարցուր. ինչո՞ւ ատեններ ժողովներուն ուշի–ուշով մտիկ չես կրնար ընել։ Ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ Նոյ ուշի–ուշով մտիկ չընէր երբ որ Եհովան կը բացատրէր որ տապանը ինչպէ՛ս պէտք է շինէ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ պզտիկները ժողովներուն ուշի–ուշով մտիկ ընեն։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ գլ. 6 պարբ. 16-24 եւ «Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար» շրջանակը։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 40 եւ աղօթք