ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտներ ըլլալ
Կ’ուզե՞ս փորձութեան տակ Դանիէլին պէս հաւատարիմ մնալ։ Դանիէլ ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց Աստուծոյ Խօսքը, ներառեալ՝ խոր մարգարէութիւններ (Դան. 9։2)։ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն սերտելը կրնայ քեզի օգնել որ հաւատարիմ մնաս։ Ինչպէ՞ս։ Անիկա կրնայ հաւատքդ զօրացնել որ Եհովային խոստումները պիտի կատարուի՛ն (Յես. 23։14)։ Անիկա կրնայ նաեւ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ աւելցնել, ինչ որ քեզ պիտի մղէ ճիշդը ընելու (Սաղ. 97։10)։ Բայց ո՞ր նիւթով կրնաս սկսիլ։ Նկատի առ այս առաջարկները։
Ի՞նչ սերտեմ։ Ժողովներ պատրաստելը լաւ սովորամոլութիւն մըն է։ Սուրբ Գիրքի շաբաթական ուսումնասիրութենէն աւելի պիտի օգտուիս, եթէ ժամանակ տրամադրես որ չհասկցած կէտերդ պրպտես։ Ասկէ զատ, ոմանք կ’ուզեն աւելի գիտնալ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մասին, սուրբ հոգիին պտուղին երեսակներուն մասին, Պօղոս առաքեալին միսիոնարական ճամբորդութիւններուն մասին կամ նոյնիսկ Եհովային ստեղծագործութեան մասին։ Եթէ օրուան ընթացքին մտքիդ մէջ հարցում մը ծագի Սուրբ Գիրքէն, գրի առ եւ յաջորդ անգամ սերտէ։
Ո՞ւր կրնամ տեղեկութիւններ գտնել։ Դիտէ Պրպտումի գործիքներ՝ հոգեւոր գանձեր գտնելու համար վիտէոն, որ տեսնես թէ օրինակ ի՛նչ գործիքներ կրնաս գործածել։ Ստուգելու համար թէ որքա՛ն հմուտ ես գործիքները գործածելու մէջ, փորձէ պրպտել թէ Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ նշուած գազանները ո՛ր աշխարհակալ ուժերն են։
Սերտելու որքա՞ն ժամանակ տրամադրեմ։ Հոգեւորապէս առողջ մնալու համար, կարեւոր է որ կանոնաւորաբար սերտես։ Կրնաս սերտողութեան կարճ նիստեր ունենալ եւ ետքը կամաց–կամաց նիստերուն տեւողութիւնը երկարել։ Աստուծոյ Խօսքը սերտելը կը նմանի պահուած գանձեր փնտռելուն։ Որքա՛ն աւելի գանձեր գտնես, այնքա՛ն աւելի պիտի ուզես փնտռել (Առ. 2։3-6)։ Այսպէս, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրդ պիտի շատնայ եւ Սուրբ Գիրքը սերտելը սովորամոլութիւն պիտի դառնայ (Ա. Պետ. 2։2)։
ԴԱՆԻԷԼԻ 7–ՐԴ ԳԼՈՒԽԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ ԳԱԶԱՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ
ՈՒՐԻՇ ՀԱՐՑՈՒՄ
Դանիէլ 7։8, 24–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
ՅԱՋՈՐԴ ՊՐՊՏՈՒՄՍ
Յայտնութիւն գրքին 13–րդ գլուխին մէջ նշուած գազանները ի՞նչ կը ներկայացնեն։