ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՆԱՒՈՒՄ 1–ԱՄԲԱԿՈՒՄ 3
Հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնա՛
Բաբելոնացիներուն ձեռքով Յուդայի վրայ գալիք կործանումը կրնայ ըլլալ որ անկարելի կը թուէր։ Յուդան Եգիպտոսի զօրաւոր ազդեցութեան տակն էր։ Յուդայի բնակիչներուն աչքին Քաղդէացիները Եգիպտոսէն աւելի զօրաւոր չէին։ Ասկէ զատ, շատ մը հրեաներու անկարելի կը թուէր, որ Եհովան պիտի ձգէր որ Երուսաղէմն ու տաճարը կործանուէին։ Բայց եւ այնպէս մարգարէութիւնը պիտի կատարուէր եւ Ամբակում պէտք էր անոր կատարումին սպասէր՝ հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնալով։
Ի՞նչ բան զիս կը համոզէ որ այս աշխարհին վերջը շատ մօտ է։
Ինչպէ՞ս կրնամ հոգեւորապէս արթուն եւ գործունեայ մնալ։