Սեպտեմբեր 10-16
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3-4
Երգ 142 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Յիսուս սամարացի կնոջ մը կը վկայէ» (10 վրկ.)
Յովհ. 4։6, 7. Յիսուս թէեւ յոգնած էր, նախաքայլը առաւ սամարացի կնոջ մը հետ խօսելու (nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 4։6)
Յովհ. 4։21-24. Յիսուսին անպաշտօն խօսակցութիւնը մեծ վկայութեան դուռ բացաւ
Յովհ. 4։39-41. Յիսուսի թափած ջանքերուն շնորհիւ, շատ մը սամարացիներ իրեն հաւատացին
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Յովհ. 3։29. Այս համարը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք (nwtsty սերտելու նոթ)։
Յովհ. 4։10. Սամարացի կինը թերեւս ի՞նչ հասկցաւ Յիսուսին «կենդանի ջուր» արտայայտութենէն, բայց Յիսուս ինչի՞ կ’ակնարկէր (nwtsty սերտելու նոթ)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ ուրիշ ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ գտար։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յովհ. 4։1-15 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ). Գործածէ Ծառայութեան համար առաջարկը։
Առաջին վերայցելութեան վիտէոն (5 վրկ.). Դիտել տուր եւ քննարկէ վիտէոն։
Դասախօսութիւն (6 վրկ. կամ նուազ). դհ16.2 էջ 9 պարբ. 1-4։ Նիւթ՝ Յովհաննէս 4։23–ի բացատրութիւն։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Խօսակցութիւն սկսիլ, վկայութեան դուռ բանալու համար» (15 վրկ.). Քննարկութիւն։ Նիւթին վերջաւորութեան բոլորը քաջալերէ որ շաբթուան ընթացքին փորձեն առնուազն մէկ անձի հետ խօսակցութիւն սկսիլ։ Յաջորդ միջշաբաթային հանդիպումին հրատարակիչներուն առիթ պիտի տրուի որ իրենց փորձառութիւնները պատմեն։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ դաս 13 պարբ. 17-19 եւ Ճշմարտութիւններ։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 26 եւ աղօթք