ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 6-8
Քրիստոնէական նոր ժողովքը կը փորձուի
Նոր մկրտուած յունախօս որբեւայրիները, որոնք Երուսաղէմի մէջ իրենց կեցութիւնը երկարած էին, խտրականութեան զոհը գացին։ Արդեօք անոնք իրենց հետ պատահած անարդարութենէն գայթակղեցա՞ն, թէ ոչ համբերութեամբ սպասեցին որ Եհովան հարցը լուծէ։
Երբ Ստեփանոս քարկոծուեցաւ եւ բիրտ հալածանքի պատճառով Երուսաղէմի քրիստոնեաները Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ ցիրուցան եղան, արդեօք անոնք ծառայութեան մէջ դանդաղեցա՞ն։
Եհովային աջակցութեամբ, քրիստոնէական նոր ժողովքը տոկաց եւ աճեցաւ (Գործք 6։7. 8։4)։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Փորձութիւնները ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեմ’։